image

«Մէկ տարուան ընթացքին «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացան 175 պոլսահայ հայրենակիցներ» Տ.Յովակիմ Աբեղայ

«Մէկ տարուան  ընթացքին  «Քովիտ»ի  հետեւանքով   մահացան  175    պոլսահայ  հայրենակիցներ» Տ.Յովակիմ  Աբեղայ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պոլսոյ  Հայոց  Պատրիարքութեան  Միաբանութեան  անդամներէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ աբղ. Սերովբեան

 

 Ի՞նչ առումներով «Քովիտ»ը ազդեց Պոլսոյ հայ համայնքին եւ մանաւանդ Պատրիարքարանի աշխատանքներուն վրայ։

Ինչպէս ամբողջ աշխարհ, այնպէս նաեւ Պոլսոյ եւ համայն Թուրքիոյ Հայութիւնը ազդուեցաւ թագաժահրի համավարակէն ամէ՛ն առումով։

Համայնքը ազդուեցաւ թէ՛ իր անդամներու վարակումով, թէ՛ տիրող նիւթական հարցով եւ թէ բարոյապէս։

Հակառակ բոլոր զգուշութիւններու, պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդը, ամբողջ աշխարհի նման վախ ունեցաւ եւ ունի համավարակէն վարակուելու։ Եւ այս համավարակի բերած դառն պայմանները կ’ազդեն նաեւ բոլորիս հոգեբանութեան վրայ։ Մեր համայնքը ծանօթ է իր կրօնասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ եւ աւանդապահութեամբ։ Սակայն համավարակը պատճառ դարձաւ, որ համայնքի անդամները հեռու մնան իրենց աղօթքի տուներէն։

Պատրիարքական Աթոռը եւս ազդեցութիւն կրեց այս համավարակէն։ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինումով, համավարակի առաջին օրերուն իսկ Աթոռոյ գրասենեակները փոխեցին իրենց աշխատանքի ժամերը։ Մեր աշխատակազմը մեծաւ մասամբ տուն քաշուեցաւ։ Ըստ կարելւոյն աշխատանքներ շարունակուեցան մեր ընտանեկան յարկերէն։ Դժուար եղաւ եւ դեռ դժուար է։ Սակայն ամէն մարդ կը ջանայ իր կարելին ընել։

Բոլորին ծանօթ է վիրաւորուած, սակայն ամէն ջանքով շարունակուող եկեղեցական կեանքը։ 2020 եւ 2021 տարիներու Ս. Զատկի տօներու, 2021ի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտութեան տօնի արարողութիւններուն եւ աւուր պատշաճի քարոզխօսութիւններուն ժողովուրդը դժբախտաբար ստիպուեցաւ հետեւիլ հեռակայ դրութեամբ։ Իսկ Վարդավառի, Աստուածածնի Վերափոխման եւ Խաչվերացի տաղաւարներուն ընկերային հեռաւորութեան պայմանի կիրարկումով սահմանափակուած թիւով հաւատացեալներ կրցին մասնակցիլ Սուրբ Պատարագներուն: Դժբախտաբար համավարակի զգալիօրէն տարածման պատճառաւ այդ կիրարկումն ալ վերջ գտաւ։ Պատրիարքական Աթոռի կայքէջէն շարունակուեցան Ս. Պատարագի արարողութեանց սփռումը եւ Նորին Ամենապատուութեան կիրակնօրեայ քարոզները։ Շարունակուեցան նաեւ քարոզիչ հայրերու քարոզները։ Այս բոլորով գոնէ ժողովուրդը առտնին աղօթասացութեամբ առիթ ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ մասնակցելու աղօթքներուն եւ լսել Բանին Կենաց քարոզութեան։ Մեր ժողովուրդը դառն զգացումներով դիտեց այս ամէնքը։ Այս մասին կարելի է դեռ շատ բան խօսիլ։

Կան նաեւ ընտանիքներ, որոնց նիւթական հաւասարակշռութիւնը ցնցուեցաւ։ Եւ այս դժուարութեան առաջքն առնելու համար կազմուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը, որ մեծ աշխատանք տարաւ այս մասին եւ կը շարունակէ տանիլ։

Սակայն մենք յոյսի ժողովուրդ ենք։ Մեր յոյսը չէ սպառած եւ պէտք չէ սպառի։ Եւ օր մը այս ալ պիտի անցնի։ Աշուղ Ջիւանիին նման կ’երգենք ու պէտք է երգենք.

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան,

Վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կու գան ու կ’երթան»։

Այս ժողովուրդը բազմաթիւ դառն շրջաններէ անցաւ։ Այս ալ կ’անցնի եւ պիտի անցնի։

 

 Իմացանք, որ մեծ է թիւը այն հայրենակիցներուն, որոնք «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացան։ Ճշգրիտ տուեալներ կա՞ն։

Թագաժահրի համավարակը մեր համայնքէն ալ կեանքեր խլեց։ Երիտասարդներ եւ տարեցներ, ամէն տարիքէ անդամներ կորսնցուցինք։ Բոլորիս սրտերը ցաւեցան իւրաքանչիւրին մահով։

Եթէ թիւեր տանք, համավարակի սկիզբէն մինչեւ այսօր անցնող շուրջ մէկ տարուան ընթացքին մեր համայնքը կորսնցուց իր հարիւր եօթանասուն հինգ անդամները։

Այս թիւը կը կազմեն Պատրիարքական Աթոռոյս հասած եւ յուղարկաւորութեան կարգը կատարուած անդամները։ Այստեղ անգամ մը եւս հանգիստ հայցենք բոլորին հոգիներուն։

Այս տեղեկութեան հիման վրայ, մահացողներու թիւին «մեծ» ըլլալը կամ չըլլալը մեր ընթերցողը թող որոշէ։