image

Նաւթի սակերը դարձեալ կը նահանջեն

Նաւթի սակերը դարձեալ կը նահանջեն

Նաւթի գիները երէկ անկում ապրած են՝ համեմատած  2016 թ.ին  ունեցած ամենաբարձր մակարդակին, յատկապէս ամերիկեան կառավարութեան կողմէ՝ նաւթի բաժնետոմսերու մրցանշային մակարդակի աճ արձանագրելու մասին եղած անցեալ շաբթուան յայտարարութենէն ետք:  Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ ԱՄՆ-ի կենսուժի իրազեկման վարչութիւնը յայտնած է, որ նաւթի պահուստները  երկու միլիոն տակառի աճ արձանագրած են, հասնելով գագաթնակէտին:

Աղբիւրի համաձայն, վերլուծաբաններ անցեալ շաբաթ նախատեսած էին, որ պահուստի մակարդակը 2,4 միլիոն տակառի աճ արձանագրէր, սակայն փէթրոլի իսնտիտուտը երեքշաբթի ուշ ժամերուն անակնկալի բերած էր շուկան, երբ յայտարարծ էր պահուստի 1, 1 միլիոն տակառի նահանջի մասին:

Փէթրոլի ինստիտուտը նաւթի թիւերը  այս տարուան իրենց բարձրագոյն մակարդակներուն մղած է, երեքշաբթի օր, շուկան փակելէն ետք, եւ այդ  աճի ալիքը շարունակուած էր երէկ առաւօտ, մինչեւ կենսուժի իրազեկման վարչութեան յայտարարութեան հրապարակումը: