Նաւթի գիները երէկ անկում ապրած են՝ համեմատած 2016 թ.ին ունեցած ամենաբարձր մակարդակին, յատկապէս ամերիկեան կառավարութեան կողմէ՝ նաւթի բաժնետոմսերու մրցանշային մակարդակի աճ արձանագրելու մասին եղած անցեալ շաբթուան յայտարարութենէն ետք: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ ԱՄՆ-ի կենսուժի իրազեկման վարչութիւնը յայտնած է, որ նաւթի պահուստները երկու միլիոն տակառի աճ արձանագրած են, հասնելով գագաթնակէտին:
Աղբիւրի համաձայն, վերլուծաբաններ անցեալ շաբաթ նախատեսած էին, որ պահուստի մակարդակը 2,4 միլիոն տակառի աճ արձանագրէր, սակայն փէթրոլի իսնտիտուտը երեքշաբթի ուշ ժամերուն անակնկալի բերած էր շուկան, երբ յայտարարծ էր պահուստի 1, 1 միլիոն տակառի նահանջի մասին:
Փէթրոլի ինստիտուտը նաւթի թիւերը այս տարուան իրենց բարձրագոյն մակարդակներուն մղած է, երեքշաբթի օր, շուկան փակելէն ետք, եւ այդ աճի ալիքը շարունակուած էր երէկ առաւօտ, մինչեւ կենսուժի իրազեկման վարչութեան յայտարարութեան հրապարակումը: