image

Նախկին պայմանագրային զինուորը Գերմանիոյ մէջ բուժման կարիք ունի. Ան դիմած է հացադուլի

Նախկին պայմանագրային զինուորը Գերմանիոյ մէջ բուժման կարիք ունի. Ան դիմած է հացադուլի

 

Նախկին պայմանագրային զինծառայող Դաւիթ Յակոբեանը 4 ապրիլէն պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց հացադուլ կ'ընէ: Tert.am-ի հետ զրոյցին ան տեղեկացուցած է, որ խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայած է ընդամէնը 6 ամիս եւ ձեռք բերած է հիւանդութիւններ:

Անոր պնդմամբ՝ առողջական խնդիրներէն ետք իրեն երկու անգամ վիրահատած են Մուրացանի Կդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ, երկու անգամն ալ սխալ վիրահատութիւն եղած է:

Նախկին զինծառայողը այժմ Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ, որպէսզի նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ընդունի իրեն եւ իր խնդիրներուն լուծում տրուի:

«Խաղաղապահ զօրքերում էի ծառայում, ցաւեր ունեցայ փորիս շրջանում, որից յետոյ գնացել եմ զինուորական հիւանդանոց, երկու անգամ իրար յետեւից սխալ վիրահատութիւն տեղի ունեցաւ, դրա հետեւանքով դարձայ առաջին կարգի հաշմանդամ, ինչից յետոյ ոչինչ չեն արել ինձ օգնելու, խնդիրս կարգաւորելու համար, միայն խաբել են, եւ այսպէս խնդիրները դարձան անլուծելի»,- ըսած է ան:

Ան նշած է, որ ՊՆ-էն կը պահանջէ, որ իրեն ուղարկեն Գերմանիա՝ բուժուելու կամ աշխատանքով ապահովեն:

Հարցին՝ ի՞նչ առողջական խնդիրներ ունի, ան ըսած է. «Ձախակողմեան թուլացում, ողնաշարիս հետ կապուած խնդիր ունեմ, սրտիս հետ, աչքերիս... խնդիրներս բազմազան են»:

Ան ըսած է, որ ինք չի պնդեր, որ ՊՆ-ն իրեն Գերմանիա ուղարկի բուժուելու. «ՊՆ-ն է ինձ խոստացել, որ խնդիրը կարգաւորելու համար կ'ուղարկեն Գերմանիա»:

Ան աւելցուցած է, որ պաշտպանութեան նախարարը դեռ իրեն չէ ընդունած, ՊՆ-էն մէկ պաշտօնեայ իր հետ զրուցած է, որ ոչինչով իրեն չէ օգնած: «Այնքան եմ շարունակելու իմ բողոքի ակցիան, մինչեւ ինձ ընդունի պաշտպանութեան նախարարը եւ իմ խնդիրը լուծում ստանայ»,- եզրափակած է ան: