Երեկ, Յունուար 27-ին Իրաքի մէջ պաշտօնական այցով գտնուող ՀՀ կառավարութեան պատուիրակութիւնը՝ զլխաւորութեամբ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար պարոն Արմէն Երիցեանի, այցելած են նաեւ տեղւոյն առաջորդարանը: Առաջնորդարանէն ներս պատուիրակութեան դիմաւորած են Պասրայի հայոց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբեղա Ազարեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ պարոն Մելքոն Մելքոնեանը: Պատուիրակութեան ուղղեկցած են նաեւ Իրաքի գիւղատնտեսութեան նախարար Ֆալահ Զէյտանը եւ իրաքի մէջ ՀՀ դէսպան Կարէն Գրիգորեանը:
