«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ եւ ներկայիս Փարիզ հաստատուած Ֆրանսական France 24 կայանի լրագրող Վան Մկրտիչեանը:
-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիս, արդեօք Ֆրանսան զօրքեր պիտի ուղարկէ Մընպիճ եւ եթէ այո, ինչո՞ւ, ի՞նչ է պատճառը:
Էմանուէլ Մաքրոնի Ֆրանսայի նախագահութիւնը ստանձնելէն ի վեր, Ֆրանսայի եւ արաբական երկիրներու՝ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու միջեւ զինմաթերքի վաճառականութիւնը շատ զարգացած եւ մեծ ծաւալներու հասած է, ըլլան անոնք զէնքեր, օդնաւեր եւայլն, միեւնոյն ժամանակ Ֆրանսայի յարաբերութիւնը Ամերիկայի հետ աւելի սերտացած են: Այս մէկ տարուան ընթացքին, ըլլայ Ափրիկէի կամ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներու առընթեր, Մաքրոնը նաեւ գիտէ եւ քաջատեղեակ է Ամերիկայի Թուրքիոյ հետ ունեցած խնդիրներուն մասին, հետեւաբար այս բոլորին մէջ ան կը փորձէ ձեւ մը գտնել, նոյնիսկ ֆրանսական զօրքեր ուղարկելով, որպէսզի ինք եւս իր դերը եւ ազդեցութիւնը ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ, միւս գերտիրութիւններու կողքին եւ կարենայ միջամտել Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ եղած հակամարտութեան:
Իսկ հիմա այն հարցին, թէ որքան իրաւական է Ֆրանսայի ներգրաւումը այս հարցերուն մէջ, եւ թէ ան իսկապէս զօրք պիտի ուղղարկէ Սուրիա թէ ոչ, կախեալ է նաեւ Ֆրանսայի ներքին խնդիրներէն: Ֆրանսան ներքին գետնի վրայ տնտեսական խնդիրներ ունի, Մաքրոնը եւ անոր կառավարութիւնը չեն ուզեր մեծ գումարներ ծախսել զինուորական խնդիրներուն վրայ, եւ այս կապակցութեամբ ան անհամաձայնութիւններու մէջ է բանակի ղեկավարութեան հետ: Սակայն միաժամանակ կ'ուզէ Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուն տեղ ունենալ, որպէսզի կարենայ աւելի արդիւնաւէտ ազդեցութիւն ունենալ եւ ըստ հարկին միջնորդի դերով հանդէս գալ, ինչպէս կ'ընեն Ամերիկան, Ռուսաստանը եւ Իրանը:
Եզրակացնելով ըսեմ, որ Ֆրանսայի մէջ յստակ խօսքեր չկան Սուրիա զօրքեր ուղարկելու մասին, բայց Մաքրոն բաւական ուժ եւ քաղաքական տիրապետութիւն ունի այս հանգրուանին եւ շատ հաւանական է, որ ինք իր որոշում առնէ եւ աջակցութիւն ցուցաբերէ Սուրիա գտնուող ամերիկացիներուն:
Այս մէկը գիտակցելով, Էրտողան եռակողմ հանդիպում կազմակերպեց Անգարայի մէջ, Փութինի եւ Ռոհանիի մասնակցութեամբ, ըսելու համար որ այս երեք անձերն են, որ ըսելիք ունին Սուրիոյ մէջ, հետեւաբար ասոր դիմաց եթէ Ամերիկա եւ ֆրանսա պիտի կարենան ուժ ցոյց տալ, Մաքրոնը զօրք ղրկելու պատրաստ կ'ըլլայ:
- Ամերիկան եւ Ֆրանսան ձեր կարծիքով ուշացա՞ծ չեն եւ սխալ քաղաքականութիւն չեն վարեր Սուրիոյ մէջ:
Իմ կարծիքովս սխալ քաղաքականութեան հարց չկայ, այլ ինչպէս որ ըսիք, ուշանալն է հարցը: 2011-էն մինչեւ այսօր գետնի վրայ ուժ ըլլալու ուշացումը որ եղաւ, անոր հետեւանքները կը քաղեն այսօր, եւ ներկայիս ԱՄՆ եւ Ֆրանսա պարզապէս պիտի փորձեն իրենց կրցածին չափ շրջանի խնդիրները լուծել, ոչ թէ իրենց ուժը ցուցադրելու համար, այլ փորձեն, որ հետեւանքները աւելի նուազ վատ ըլլան:
-Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վերաբերմունքը, եթէ Ֆրանսա յաւելեալ ուժեր առաքէ Սուրիա:
Թուրքիան բնականաբար դէմ է: Էրտողանի մօտիկ համարուող թուրք ազգայանական գործիչ Տողու Փերենչիք օրինակ նախագահ Մաքրոնի յայտարարութեան հակադարձելով, յստակօրէն ըսաւ, որ եթէ ֆրանսական զօրքերը Մընպէճ գան, ապա անոնք Ֆրանսա պիտի վերադարձուին դագաղներու մէջ: Այս խօսքը հասկնալու համար պէտք է միայն նայինք անցեալ շաբաթ ինչ եղաւ Մընպէճի շուրջը, երբ ամերիկեան եւ անոր դաշնակից քրտական ուժերը յարձակման թիրախ դաձան, մէկ ամերիկացի զինուոր սպաննուեցաւ եւ բաւական վիրաւորներ գրանցուեցան: Այդ մասին շատ չխօսուեցաւ, չյայտրարուեցաւ թէ ով էր պատասխանատուն, սակայն պարզ է, որ այդ շրջանին մէջ թուրքերու հետ «աշխատող» մարդիկ կան եւ շատ հաւանական է որ Թուրքիան ըլլայ յարձակումի ետին: Հոսկէ է, որ կը հասկնանք, թէ Թուրքիան որքան պատրաստ է եւ որոշած է, որ ինք պիտի տիրապետէ այդ շրջանին մէջ: Այդ կապակցութեամբ երբ Էրտողան հանդիպում ունեցաւ Թիլըրսընի հետ Ամերիկայի հետ համաձայնութեան եկաւ, որուն համաձայն քիւրտերը պիտի քաշուէին Մընպէճէն եւ եւ այնտեղ ամերիկացիները եւ թուրքերը միասին պիտի իշխեն: Աւելի ուշ Թիլըրսըն հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, ինչը թուրքերուն շահերէն չէր բխեր, եւ այդ յարձակումը հաւանաբար անոնց կողմէն «պատգամ» մըն էր ուղղուած ՝ ամերիկացիներուն ըսելու համար, որ ձեր խօսքը պէտք է յարգէք:
-Իսկ ձեր կարծիքով հայութիւնը Սուրիոյ մէջ վտանգուա՞ծ է ընդհանրապէս:
Սուրիոյ մէջ այսօր առաջուան հայութիւնը չկայ: Շատեր լքեցին իրենց ծննդավայրը եւ հեռացան: Անոնցմէ շատերը Եւրոպա եւ Գանատա հաստատուեցան եւ իրապէս զզուած են վիճակէն:
Ինչ կը վերաբերի դեռ Սուրիա գտնուող հայութեան, ըսեմ, որ ան որ միջոց ունէր եւ կրցաւ Սուրիայէն դուրս գալ, ելաւ, իսկ միջոց չունեցողները մնացին այնտեղ: Իսկ թէ ինչ տեսակ ապագայ պիտի ունենայ սուրիահայութիւնը, կախում ունի Սուրիոյ ապագայէն, հոն մնացող հայերը պիտի հասկնան, որ իրենք առաջին հերթին սուրիացի են եւ յետոյ հայ: Այս մէկը եթէ հասկնան, կը գիտնան, որ եթէ երկիրը լաւ ըլայ , իրենք ալ կրնան լաւ ըլլալ եւ գոյատեւել այդ երկրին մէջ: