Լիբանանի նախագահութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն յայտարարած է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ այսուհետեւ պիտի համարուի վարչապետի պաշտօնակատար։
Նախագահ Աուն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հարիրիին եւ անոր կառավարութեան իրենց ծաւալած գործունէութեան եւ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար։
Կը սպասուի, որ առաջիկայ օրերուն նախագահ Աուն սկսի ընդունիլ երկրի Ազգային Ժողովի անդամները՝ անոնցմէ լսելու համար վարչապետի պաշտօնին իրենց թեկնածուին անունը։