Նախագահ Պաշար Ասատ ստորագրած է օրենսդրական թիւ 13 յ օրինագիծը, որ կը նախատեսէ պաշտօնէութեան ամսավճարներուն 7500 սուրիական ոսկի յաւելում: Այս մասին կը տեղեկացնէ «alraddar.com» կայքը, նշելով, որ այս օրէնքի հրապարակումը եղած է 2015-ին թիւ 7 յօդուածի՝ կենսամակարդակի փոխհատուցման օրէնքի կիրառման լոյսին տակ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս օրէնքը կը վերաբերի քաղաքացիական եւ զինուորական պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ թոշակառուներուն եւ տարեկան պայմանագրով աշխատողներուն:
Օրէնքը նաեւ կը թելադրէ նոյն քանակի գումար տրամադրել բանակ ծառայող զինուրականներուն եւ մասնաւոր ու կառավարական-մասնաւոր համատեղ բնագաւառի աշխատակիցներուն, որոնք չեն ներգրաւուած 2015-ի 7-րդ յօդուածի 1-ին կէտին մէջ:
Տրամադրուող փոխհատուցումը ոչ մէկ զեղչի ենթակայ է եւ կը փոխանցուի աշխատավարձի կամ կենսաթոշակի հետ միասին: Օրէնքը ուժի մէջ պիտի դրուի յառաջիկայ 1 յուլիսէն սկսեալ: ամսու մէկէն սկսեալ: