Իրաքցի քաղաքական գործիչ Մուքթատա Ալ Սատր յայտարարած է, թէ ինք դէմ է, որ Իրան եւ ԱՄՆ միջամուխ ըլլան Իրաքի կառավարութեան կազմի ընտրութեան գործընթացին:
«Անատոլու» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Ալ Սատըր իր յայտարարութեան մէջ ընդդիմացած է որոշ իրաքցի քաղաքական գործիչներու այն յայտարարութեան դէմ, թէ Իրաքի կառավարութեան կազմի ընտրութիւնն անհնար է առանց իրանեան ու ամերիկեան միջամտութեան:
Ալ Սատր յատկապէս նշած է, որ Իրան ինք իր շահերը հետապնդող դրացի երկիր է, իսկ ԱՄՆ՝ բռնարար է, ու այդ երկուերկիրներն ալ հեռու պէտք է մնան Իրաքէն: