Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ ԱՄՆ-ի Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան մերժումը, նպաստած է ահաբեկչական Տահէշի կողմէ Սուրիոյ պատմական Փալմիրա քաղաքին գրաւման: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը, մատնանշելով, թէ ահաբեկչական խմբաւորումը կրկին անգամ գրաւած է Փալմիրան, սուրիական եւ ռուսական ուժերու կողմէ տարեսկիզբին վերագրաւումէն ետք:
Նշենք, թէ Փեսքով դիտել տուած է, որ Փալմիրայի յարձակման մասնակցող Տահէշի անդամները, վերջերս լքած են իրաքեան Մուսուլ քաղաքը, այն ինչ առիթ ընծայած է անոնց մեծ խումբեր եւ միաւորումներ կազմելու՝ Սուրիոյ տարածքին: