image

Մոսկուա. «Փալմիրան Տահէշի տիրապետութեան տակ անցնելուն համար մեծ մեղք ունի Ուաշինկթընը»

Մոսկուա. «Փալմիրան Տահէշի տիրապետութեան տակ  անցնելուն համար մեծ  մեղք ունի Ուաշինկթընը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակ՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ ԱՄՆ-ի Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան մերժումը, նպաստած է ահաբեկչական Տահէշի կողմէ Սուրիոյ պատմական Փալմիրա քաղաքին գրաւման: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը, մատնանշելով, թէ ահաբեկչական խմբաւորումը կրկին անգամ գրաւած է Փալմիրան, սուրիական եւ ռուսական ուժերու կողմէ տարեսկիզբին վերագրաւումէն ետք:

Նշենք, թէ Փեսքով դիտել տուած է, որ Փալմիրայի յարձակման մասնակցող Տահէշի անդամները, վերջերս լքած են իրաքեան Մուսուլ քաղաքը, այն ինչ առիթ ընծայած է անոնց մեծ խումբեր եւ միաւորումներ կազմելու՝ Սուրիոյ տարածքին: