image

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար նոր ծրագիր. Washington Post

Միջին Արեւելքի  խաղաղութեան համար նոր ծրագիր. Washington Post

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը յայտնած է, որ ԱՄՆ մօտ օրէն պիտի յայտարարէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման իր նախագիծը, սակայն, ըստ թերթին, Ապպասի գլխաւորութեամբ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը պիտի մերժէ զայն, յայտարարման պահուն իսկ:

Աղբիւրը յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի նախագիծը 18 ամիսներէ ի վեր պատրաստ է, սակայն յայտարարումն ուշացաւ այն պատճառով, որ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու հետեւանքով պաղեստինցիք պոյքոթած էին Միացեալ Նահանգները, սակայն վերջինս շեշտած է, որ եթէ Ապպաս հրաժարի ծանօթանալ նախագիծին ու շարունակէ իր դիրքորոշման վրայ մնալ, Թրամբ պիտի հրաժարի խաղաղութեան բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերելէ:

Թերթին փոխանցմամբ, նախագիծը պիտի ընդգրկէ 70 տարիներէ ի վեր ծառացած խնդիրներու լուծումը, այդ թուին՝ Երուսաղւմի հարցը, տնտեսական ու մարդասիրական ոլորտներու բարելաւման նախագիծերը, որոնք պիտի նպաստեն պաղեստինցիներու կեանքի բարգաւաճման: