Պոլսոյ «Ժամանակ»էն կը տեղեկանանք, որ Գահիրէի Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ,31 Յունուար-8 Փետրուար թուականներուն, տեղի ունեցած է Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական աստուածաբանական յանձնախումբին հերթական ժողովը։ Յանձնախումբի անդամները ընդունուած են Ս. Վիշոյ վանքէն ներս, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին կողմէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ այս հանդիպման մասնակցած են Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան եւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան։
Յանձնախումբը քննարկած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ծիսական աւանդութեան վերաբերեալ հարցեր, մասնաւորապէս մկրտութեան ծիսակարգի ընկալումն ու կատարումը։ Յանձնախումբի յաջորդ նիստը յառաջիկայ տարեմուտին տեղի պիտի ունենայ՝ Հռոմի մէջ ։