image

Մեծագոյն ճակատամարտը Հալէպի մէջ պիտի ըլլայ. Հասան Նասրալլա

Մեծագոյն ճակատամարտը Հալէպի մէջ պիտի ըլլայ. Հասան Նասրալլա

Լիբանան-(«Ալ Մայատին»-Պէյրութ)-Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կարծիքով Սուրիոյ մեծագոյն  ճակատամարտը պիտի ըլլայ Հալէպի մէջ: Նասրալլա, որ երէկ խօսք առաւ  կուսակցութեան  զինուորական  ղեկավարներէն՝ Մուսթաֆա Պատր Ալ Տինի  սպաննութեան քառասունքի միջոցառման  ընթացքին, նշեց, որ   կան կողմեր, որ չեն հասկցած, թէ ինչ կը կատարուի Հալէպի մէջ: Շիիթ  ղեկավարը ըսաւ. «Գլխաւոր   ճակատամարտը   Հալէպի մէջ է, եւ հոն եղած  դիմադրութիւնը ռազմաքաղաքական մեր կեցուածքներուն արգասիքն էր»,- նշեց ան, եւ կոչ ուղղեց իր համախոհներուն խիտ շարքերով պատրաստուիլ Հալէպի ճակատամարտին: Շիիթ Առաջնորդին կարծիքով Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա նոր ոճի պատերազմ   մը ձեռնարկած են  Սուրիոյ  հիւսիսը (մասնաւորապէս  Հալէպ) եւ իր ըսելով Հալէպի պաշտպանութիւնը կը նշանակէ պաշտպանել Դամասկոսը, Լիբանանը, Իրաքը եւ նոյնիսկ Յորդանանը: Նասրալլա իր խօսքը եզրակացնելով նկատել տուաւ, որ ԱՄՆ-ի եւ  Սէուտական   Արաբիոյ սալաֆիստ բոլոր ծրագիրները պէտք է  քանդուին Հալէպի մէջ: «Երբ պէտք էր՝ մենք  ներկայ եղանք Հալէպի մէջ, ու այսօր մեր պարտականութիւնն է ամէն գնով պաշտպանել Հալէպը»: Ըստ Նասրալլայի,  անցնող մէկ ամսուան ընթացքին «Հըզպալլա»ի 26 զինեալներ  սպաննուած են Հալէպի մէջ: