image

Մեծ պայթում մը ցնցեց Դամասկոսը. Կան 7 զոհեր

Մեծ պայթում մը ցնցեց Դամասկոսը. Կան 7 զոհեր

Քիչ առաջ մեծ պայթում մը ցնցած է Դամասկոսը: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ալ Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նոյնպէս նշեց, որ պայթումը եղած է մայրաքաղաքի «Քաֆարսուսա» թաղամասին մէջ: Նախնական տուեալներով ահաբեկչական պայթումին հետեւնքով զոհուած են 7 անձեր եւ կան 10 վիրաւորներ: Ըստ Սուրիոյ պետական ալիքին պայթումը արդիւնք է անձնասպանական գործողութեան մը եւ տեղի ունեցած է տուեալ թաղամասին «Ալ Մուհաֆազա» մարզական ակումբի կեդրոնին մերձ:

 Յիշեցնենք, որ պայթումը եղած է սուրիական բանակին տիրապետութեան տակ եղող շրջանին մը մէջ: