image

Մեծ հրդեհ Պոլսոյ «Զէյթինպուրնու» առեւտրական կեդրոնի մը մէջ

Մեծ հրդեհ Պոլսոյ   «Զէյթինպուրնու» առեւտրական կեդրոնի մը մէջ

Մեծ հրդեհ մը ծագած է Պոլսոյ առեւտրային մէկ կեդրոնին մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող թրքական  աղբիւրներ կը  գրեն, թէ հրդեհը   եղած է  «Զէյթինպուրնու» անունը կրող   10 յարկանի առետրական շէնքին մէջ: Հրդեհին հետեւանքով տարհանուած են շէնքին մէջ գտնուող  աշխատակիցներն ու յաճախորդները:  Կան այրուածք ստացողներ, որոնք  փոխադրուած են Պաքըրքէօյ շրջանի մերձ եղող  հիւանդանոցներ: Մարդկային տոյժերու մասին տուեալներ չեն փոխանցուիր: