image

Մենք պիտի չարգիլենք ապօրինաբար Գանատա հասնողներու մուտքը. Գանատայի վարչապետ

Մենք պիտի չարգիլենք ապօրինաբար Գանատա հասնողներու մուտքը. Գանատայի վարչապետ

Գանատան յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ ընդունիլ իր երկրէն ապաստան hայցողները, այդ թուին, նաեւ ապօրինաբար մուտք գործող փախստականները: Այս մասն կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:

Գանատական իշխանութիւններու կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ սահմանային տարածքներուն կացարաններ հիմելու որոշումը յաջորդած էր ԱՄՆ-էն  11 միլիոն անօրէն փախստականներ դուրս բերելու մասին Թրամբի ստորագրած երկու հռչակագիրներուն:

Այս առնչութեամբ, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ըսած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ընդունիլ Ամերիկեան սահմանը հատող եւ Գանատայէն ապաստան հայցող փախստականները, նոյնիսկ եթէ անոնք ապօրինի կերպով փորձեն մուտք գործել, սակայն միաժամանակ անվտանգութեան ապահովման բոլոր անհրաժեշտ միջոցները գործի պիտի դնէ, պաշտպանելու համար իր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը:

Աղբիւրի համաձայն, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի փախստականներու դէմ սկսած արշաւի մտավախութենէն ելլելով, վերջին շաբաթներուն, չվերահսկուող ամայի սահամանային անցքերէն Գանատա մուտք գործող փախստականներու թիւը մեծ աճ արձանագրած է:

Թրիւտօ երեքշաբթի օր խորհրդարանին առջեւ ըսած է. «Գանատայի բաց եւ կենսունակ երկիր մնալու հիմքերէն մէկը կը հանդիսանայ գաղթականութեան համակարգի եւ մեր սահմանի ապահովութեան հանդէպ գանատացիներու վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահով ապաստանի կարօտ մնացած մարդոց օգութեան ձեռք մեկնելը», աւելցնելով, որ «Մենք պիտի շարունակենք հաւասարակշռութիւն պահել ամուր համակարգի գոյութեան եւ օգնութեան կարիք ունեցող նոր մարդկանց ընդունման միջեւ»:

Գանատական ոստիկանութիւնը իր հերթին երէկ յայտարարած է, որ ամրապնդած է Քէպէքի սահմանին իր ներկայութիւնը, նշելով, որ սահմանապահ մարմինները փախստականներուն համար ժամանակաւոր կացարաններ հիմնած են:

Նշենք, որ Քէպէքի եւ ԱՄՆ-ի սահմանին ապաստան հայցողներու թիւը անցած տարուան համեմատած, կրկնապատկուած է: