image

Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է

Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է
ԱԺ նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը 25 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է:
Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը այսօր երեկոյեան որոշած է փոխել ԱԺ պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորական միութեան վարչութեան նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոցը:

Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց դատարանը որոշած է կիրառել գրաւը՝ 25 միլիոն դրամի չափով: Որոշումը կայացուցած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի (Շենգաւիթի նստավայր) դատաւոր Դաւիթ Բալայեանը:

Յիշեցնենք, որ Մանուէլ Գրիգորեանը 19 յունիսին կալանաւորուած է: Ան կը մեղադրուի ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու եւ առանձնապէս խոշոր չափի իւրացում կատարելու մէջ: Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի ապրիլեան պատերազմի օրերուն ուղարկուած օգնութեան։