Լուծարուող նախարարութիւններու աշխատակիցները երթով շարժած են դէպի Կառավարութիւն՝ վարչապետին ներկայացնելու համար իրենց հիմնաւորումները, թէ ինչու նախարարութիւնները պէտք չէ փակուին:
Պիւտճէին մէջ ինչ-որ գումար աւելցնելու համար զանգուածային կրճատումներու երթալը յանցագործութիւն է, մշակոյթի նախարարութեան լուծարումը չարեաց մեծագոյնն է:
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Կառավարութեան շէնքի դիմաց ըսած է Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Տաթեւ Սուքիասեանը: Ան ընդգծած է, որ բացի բաց նամակը յանձնելէ, կ'ուզեն նաեւ անձամբ իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնել վարչապետի պաշտօնակատարին:
«Ուզում ենք վարչապետին հանդիպել՝ հաւատալով, որ ինքն ունի այնպիսի արժեհամակարգ, որ իր հետ առերեսուելով՝ մենք կը կարողանանք մեր խնդիրը հասցնել իրեն: Խնդրում ենք՝ վերանայի կրճատման նախագիծը, դրա մշակմանը մասնակցել են ոչ մասնագէտ մարդիկ. այն գրուել է շտապողականութեան արդիւնքում: Պիտի խնդրենք, որ հանրային քննարկումների արդիւնքում ձեւաւորուի եւ մասնագիտական հիմքերի վրայ դրուի, կամայականութիւններից պէտք է զերծ մնալ: Մշակոյթի նախարարի հետ հանդիպել ենք, նա առաջարկել է հիմնաւորում պատրաստել, որը կը ստորագրի նաեւ ինքը»,- մանրամասնած է ան:
Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները իրենց բաց նամակը փոխանցեցին Կառավարութեան նամակներու եւ դիմումներու բաժնի պետին՝ պահանջելով, որ վարչապետին ըսեն, որ երկուշաբթի կը ցանկան հանդիպել անոր հետ՝ դիմումի պատասխանը ստանալու ակնկալիքով:
Աշխատակիցները նշեցին, որ պատրաստ են անգամ տօնական օրերուն նստացոյց իրականացնել, քանի որ ժամանակ չունին. 1 յունուարէն կրճատում պիտի իրականացուի:
Բաց նամակը յանձնելէ ետք աշխատակիցները դադարեցուցին ցոյցը: