image

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ դէմ բռնութիւնները

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ դէմ բռնութիւնները

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ կիրառուող բռնութիւններու վերաբերեալ 15 էջանոց զեկոյց մը հրապարակած է: Կազմակերպութիւնը զեկոյցին մէջ Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ անվաւեր ճանչցուին Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու հռչակագիրին հակասող «օրէնքի ուժ ունեցող որոշումները», ինչպէս նաեւ դադարեցուին լրագրողներու դէմ կիրառուող սահմանափակումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառաիւթիւնը նաեւ կը նշէ, որ կազմակերպութիւնը  ուսումնասիրած է ձախողած յեղաշրջման փորձէն ետք յայտարարաուած արտակարգ իրադրութեան ազդեցութիւնը մամլոյ ազատութեան վրայ:  Մասնաւորապէս արձանագրուած է, որ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է շուրջ 100 լրագրող,  դադարեցուած է շուրջ 100  թերթերու, ամսագրերու, հեռուստա- եւ ռատիոհաղորդումներու գործունէութիւն, շարք մը լրագրողներու անձնագրեր անվաւեր յայտարարուած են:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան Գերմանիոյ պատասխանատու Քրիսթիան Միհրը  նշած է, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր կառավարութեան՝ հետզհետէ աճող բռնատիրական ոճի պատճառով Թուրքիոյ մէջ լրագրողները մեծ դժուարութիւններու մէջ էին նաեւ նախքան յեղաշրջման փորձը: