image

Լիպըրմէն. Իսրայէլ կը պայքարի խափանելու համար Սուրիայէն «Հըզպալլա»ին արդիական զէնքերու փոխադրութիւնը

Լիպըրմէն. Իսրայէլ կը պայքարի խափանելու համար Սուրիայէն «Հըզպալլա»ին արդիական զէնքերու փոխադրութիւնը

Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի վրայ եղած յարձակման,  Սուրիոյ արձակած մեղադրանքներէն ժամեր ետք, Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար՝ Աւիկտոր Լիպրմէն յայտնած է, թէ իր երկրի բանակը կը փորձէ արգիլել՝ արդիական զինամթերքի, ռազմական սարքերու եւ զանգուածային ոչնչացման զէնքերու Հըզպալլային փոխադրելու փորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ Sky News, աւելցնելով, որ Իսրայէլ կրկին անգամ պնդած է, որ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին միջամուխ չըլլալու իր մտադրութիւնը, նշելով, թէ Սուրիոյ նախագահ Ասատն ու իրանցիները ապագայի հաւանական  համաձայնութեան մաս չեն կրնար կազմել:

Ըստ «Եատիեօթ Ահրօնօթ»ին, Լիպրմէն Եւրոմիութեան երեսփոխաններուն հետ հանդիպման յայտարարած է, թէ իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութեան մօտ ապագային լուծման հասնիլը կարելի չէ, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ՝ Մահմուտ Ապպասի ծայրայեղական կեցուածքներուն պատճառով: Ան շեշտեց, որ բնակեցման կայանատեղիները չեն խոչընդոտեր խաղաղութեան գործընթացը, հակառակ անոր որ եւրոպացի ղեկավարները իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութիւնը աշխարհի մեծագոյն խնդիրը կը համարեն: