image

Լիպիոյ ափերուն թրքական թանկեր առեւանգուած են

Լիպիոյ ափերուն թրքական թանկեր առեւանգուած են

Լիպիոյ Զուվարա նաւահանգիստէն 2 մղոն հեռաւորութեան վրայ թրքական դրօշի ներքոյ նաւարկող նաւթային թանկեր առեւանգուած են: Ըստ թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքի` թրքական ընկերութիւններէն մէկուն պատկանող «M/T Hacı Telli» անուանումով թանկերու ազգութեամբ թուրք 11 հոգինոց անձնակազմը պատանդ կը պահուի:

Կը նշուի, որ առեւանգման պատճառ դարձած է նաւը վարձակալած գործարարի` աւելի վաղ Զավարա նաւահանգիստէն գնած նաւթի համար ունեցած 433.000 տոլար պարտքը:  

Նաւը առեւանգած լիպիացիներու զինուած խումբը յայտարարած է, որ պարտքը չվճարուելու պարագային թանկերը պիտի մասնատեն եւ վաճառեն, իսկ անձնակազմին պիտի շարունակեն պատանդ պահել:

Կը նշուի, որ գործարարը արդէն 280000 տոլար վճարած է, սակայն խումբը յայտնած է, որ պատանդներուն ազատ կ'արձակեն միայն գումարը ամբողջութեամբ ստանալէ ետք: