Լիբանանի նախկին նախագահ Զօր. Էմիլ Լահուտ իր ծննդեան օրը նշած է Դամասկոսի մէջ, հիւրընկալուելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կողմէ: Այս մասին լրատուութիւնը կատարած է լիբանանեան MTV կայանը: MTV Կը նշէ, որ տարիներու աւանդութեան համաձայն Զօր. Էմիլ Լահուտ տօնական օրերու առթիւ ընտանեկան որակուած այցելութիւն կու տայ Դամասկոսի նախագահական պալատ հաղորդելով նաեւ, որ այցը տեղի ունեցած է երէկ եւ Սուրիոյ նախագահը անակնկալ մը ընելով ուզած է , որ երկուստէք նշեն Էմիլ Լահուտի ծննդեան 80-րդ տարեդարձը: MTV Նաեւ կը հաղորդէ, որ Ասատ եւ Լահուտ հատած են կարկանդակ մը, որուն վրայ խորհրդանշականօրէն պատկերուած եղած է երկու հարեւան երկիրներու՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դրօշները: Նշենք, որ Զօր. Էմիլ Լահուտ զաւակն է Քեսապ ծնած հայուհի Ատրինէ Պաճաքեանին, իսկ անոր հայրը ՝ լիբանանեան բանակի հրամանատարներէն ՝ Զօր. Ժէմիլ Լահուտն է: