Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է օրէնքը նախագիծ մը, որուն համաձայն Ժամկէտային զինուորական կամ այլընտրանքային ծառայութեան հերթական զօրակոչէն, վարժական հաւաքէն կամ զօրահաւաքային զօրակոչէն խուսափած անձանց համաներում պիտի տրուի:
Յիշեցնենք՝ մինչեւ 26 Սեպտեմբեր 2020-ը ներառեալ, պարտադիր զինուորական կամ այլընտրանքային ծառայութենէն խուսափած եւ Քրէական օրէնսգիրքով մեղադրուած անձանց նկատմամբ կառավարութիւնը կը պատրաստուի համաներում կիրառել:
Արդարադատութեան փոխնախարարը նշած է, որ շահառուներու ցանկը ընդլայնուած է: Համաներումը կիրառելի պիտի դառնայ ոչ միայն մինչեւ 26 Սեպտեմբերի 2020-ը, այլեւ մինչեւ սոյն օրէնքը ուժի մէջ մտնելը 27 տարին լրացած, զօրակոչէն խուսափած անձանց համար:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել