Կը թուի, թէ Լիբանանցիները մոռցան 13 Հոկտեմբեր 1990 թուականը: Տուեալ խօսքին կարեւոր ապացոյցերէն մէկը այսօր Լիբանանի նախագահական Պալատի Պաապտա շրջանին մէջ տեղի ունեցող երթին հոծ բազմութեան ներկայութիւնը: Այդ օր Լիբանանի «օրինականութիւն» խնդրանքով ու ամերիկա- սուրիական համաձայնութեամբ մը սուրիական բանակի Միկ կործանիչներ հարուածեցին նախագահական պալատը, որ դարձած է այդ օրերուն փոխանցման զինուորական կառավարութեան վարչապետ Միշէլ Աունի կեդրոնատեղին: Աուն հակառակ իր պնդումներուն եւ «վճռական խօսք»ին, անիմաստ պատերազմներ մղել տուած բանակը «լքելով» կը հեռանար պալատէն ու կ'ապաստանէր Պէյրութի մօտ Ֆրնասնայի դեսպանատուն, որմէ ետք կը հեռանար երկրէն ու երկար ժամանակ իբրեւ «քաղաքական ապաստանեալ» կը հաստատուէր Փարիզի մէջ: Աուն կը լքէր իր սպաներն ու զինուորականները, որոնք կը հալածուէն ու անոնցմէ շատեր կը զոհուէին իրենց դիրքերու եւ պատիւին պաշտպանութեան համար: Աուն, որ հակասական կեցուածքներու վարպետն է, երկիրը տարած էր անիմաստ եւ հիմքով պարտեալ ճակատումներու: Ներ- քրիստոնաէական պատերազմ հրահրելէ ետք ան ճակատ կը բանար Սուրիոյ դէմ եւ ծանր մեղադրանքներ կ'ուղղէր Սուրիոյ այդ օրերու նախագահ Հաֆէզ Ասատին: Աունի համար ինչպէս երէկ այսօր եւս գերագոյն նպատակ է իբրեւ նախագահ բազմիլ Պաապտայի աթոռին վրայ: Հակառակ անոր անուան շուրջ խորունկ հարցականներ կան, ան իր գրաւը դրած է շրջանային փոփոխութիւններու վրայ: Խնդիրը վստահօրէն Աունը չէ, այլ անոր համակիրներն ու կուսակիցներն են , որ մոռցած են իրենց առաջնորդին մահացու սխալները: Սխալներ, որ սեւ օր բերին Լիբանանին եւ մասնաւորապէս անոր բանակին ու Քրիստոնեայ զաւակներուն համար:Աուն անփոխարինելի չէ: Կը մնայ, որ անոր համակիրները լաւ սորվին պատմութեան դասերը եւ եթէ մոռցած են անոր բացթողումները անգամ մը եւս վերադառնան պատմութեան:
«Խմբագիր»