image

Լիբանանցիները լաւատես ես նախագահ Աունի Րիատ այցելութեամբ

Լիբանանցիները լաւատես ես   նախագահ  Աունի Րիատ  այցելութեամբ

Լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը դրական ակնկալիքներ ունի երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի օրերս դէպի Սէուտական Արաբիա ընթացող այցելութենէն: Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ այս մասին լաւատեսութեամբ  խօսելէ բացի նաեւ կը գրեն, որ Աունի այցելութիւնը միայն տնտեսական բնոյթ չունի: Անոնք կը նշեն, որ Մարոնիթ նախագահը Սէուտցի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ Սէուտական թագաւորութեան ու նաեւ արաբական ծոցի զբօսաշրջիկներու դէպի Լիբանան այցերու վերադարձին ու նաեւ Րիատի կողմէ լիբանանեան բանակին յատակցուած ու ապա սառեցուած 3 միլիառ ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի թղթածրարը: Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին չի բացառուիր, որ նախագահ Աուն նոյնպէս քննարկէ այն 10 զինուորներու հարցը, որոնք օգոստոս 2014-էն ի վեր գերեվարուած կը մնան Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման մօտ եւ որոնց ճակատագրին մասին  երկար ժամանակէ ի վեր տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: