Լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» հեռուստաընկերութեան լրագրողուհի Նաուալ Ալ-Պըրրի դիմատետրի իր էջին, Երեւանի մէջ նախկին ազատամարտիկ Սասուն պապիկին հետ առնուած նոր ինքնիկ (սէլֆի) նկար մը թողարկած է, որուն տակ գրած է «Հարիւր տոկոսով անմիջական նկար»: Պըրրիի Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացին հանդիպելով Սասուն պապիկին եւ նկատելով անոր նախկին ազատամարտիկի յատկանշական կերպարը, խնդրած է յիշատակի նկար մը ունենալ վերջինիս հետ: Ինչպէս կ'երեւայ նկարին մէջ, մինչ լրագրողուհին կը պատրաստուէր ինքնիկ նկարել, Սասուն պապիկ անակնկալ կերպով համբոյր մը գողցած էր անոր այտէն: Պըրրի նկարի կողքին հիւմորի կարգով գրած է «Պապիկը խաբեց զիս»:
Նշենք որ, մեր տեղեկութիւններուն համաձայն, Պըրրի կը մեկնի Արցախ՝ նկարահանումներ կատարելու նպատակով: