Առ ի բողոք գերեվարուած 9 զինուորներու սպաննուած ըլլալու մասին լուրին լիբանանցի աքթիւիսթներ, որպէս բողոքի նշան կարմիր ներկ թափած են նախկին նախարարի սեփականութիւնը հանդիսացող շէնքի պատերուն:

Այս մասին վերահասու դարձանք լիբանանհայ աքթիւիսթ Թոնի Օրեանի ընկերային ցանցերու էջերէն: Օրեան, որ կազմակերպիչն է բողոքի նախաձեռնութեան, իր համախոհներուն հետ կարմիր ներկը թափելէ ետք բանավիճած է դէպքի վայր ժամանած նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մոքպէլին հետ:
Օրեան ըսած է, որ 2014 թուականին, երբ բանակը կարողութիւնը ունէր ազատագրել «Տահէշ»ի մօտ գերի ինկած զինուորները, քաղաքական կարգ մը պատասխանատուներ ինչ-ինչ հաշիւներով բանակի հրամանատարութենէն պահանջած են դադրեցնել գրոհը, բան մը որուն հետեւանքով «Տահէշ» «ապահով» տեղ փոխադրած ու ապա դաւադրաբար սպաննած է լիբանանցի զինուորները:

Իր կարգին նախարար Մոքպէլ ըսած է, որ ինք պատրաստ է դատարան ներկայանալ եւ այդ օրերուն տիրած ընդհանուր իրավիճակը ներկայացնել:
Նշենք, որ Օրեան եւ իր համախոհները անդամ են երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի գլխաւորած կուսակցութեան՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ին եւ անոնք կը համարուին բանակի բուռն պաշտպաններէն, տրուած ըլլալով, որ զօր. Աուն եղած է բանակի հրամանատար եւ ան իր քաղաքական հաւատամքը կառուցած է հիմնուելով բանակի սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն վրայ: