image

Լիբանանցի աքթիւիսթներ կարմիր ներկ թափած են նախկին նախարարի շէնքի պատերուն (Լուսանկարներ)

Լիբանանցի աքթիւիսթներ կարմիր ներկ թափած են նախկին նախարարի շէնքի պատերուն (Լուսանկարներ)

Առ ի բողոք գերեվարուած 9 զինուորներու սպաննուած ըլլալու մասին լուրին լիբանանցի աքթիւիսթներ, որպէս բողոքի նշան կարմիր ներկ թափած են նախկին նախարարի սեփականութիւնը հանդիսացող շէնքի  պատերուն:


 

 

 Այս մասին վերահասու դարձանք լիբանանհայ աքթիւիսթ Թոնի Օրեանի ընկերային ցանցերու էջերէն: Օրեան, որ կազմակերպիչն է բողոքի նախաձեռնութեան, իր համախոհներուն հետ կարմիր ներկը թափելէ ետք բանավիճած է դէպքի վայր ժամանած նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մոքպէլին հետ:

 

  Օրեան ըսած է, որ 2014 թուականին, երբ բանակը կարողութիւնը ունէր ազատագրել «Տահէշ»ի մօտ գերի ինկած զինուորները, քաղաքական կարգ մը պատասխանատուներ ինչ-ինչ հաշիւներով բանակի հրամանատարութենէն պահանջած են դադրեցնել գրոհը, բան մը որուն հետեւանքով «Տահէշ» «ապահով» տեղ  փոխադրած ու ապա  դաւադրաբար սպաննած է լիբանանցի զինուորները:

 


 

 Իր կարգին նախարար Մոքպէլ ըսած է, որ ինք պատրաստ է դատարան ներկայանալ  եւ   այդ օրերուն տիրած ընդհանուր իրավիճակը ներկայացնել:

 

 Նշենք, որ Օրեան եւ իր համախոհները անդամ են երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի գլխաւորած կուսակցութեան՝ «Ազգային  ազատ հոսանք»ին  եւ անոնք կը համարուին բանակի բուռն  պաշտպաններէն, տրուած ըլլալով, որ զօր. Աուն եղած է բանակի հրամանատար եւ ան իր քաղաքական հաւատամքը կառուցած է հիմնուելով բանակի սկզբունքներուն  եւ մօտեցումներուն վրայ: