Երէկ՝ 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնն իր քաղաքական երեք կուսակցութիւններով, յարանուանութիւններով, միութիւններով, ժողովուրդի բոլոր խաւերով` եռագոյններ պարզած խիտ շարքերով համախմբուած էր Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի համաժողովրդական ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկին: Բոլոր մասնակից պաշտօնական մարմինները իրենց պատգամը ուղղեցին համայն աշխարհին` յայտարարելով, որ իրաւատէր ունեցող դատը կենդանի կը մնայ՝ մինչեւ արդարութեան ամբողջական հաստատում:
