image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Վահէ Հալլաճեան օգնութիւններ կը բերէ կարիքաւոր ընտանիքներու (Լուսանկարներ)

Լիբանանահայ Վահէ Հալլաճեան օգնութիւններ կը բերէ կարիքաւոր ընտանիքներու (Լուսանկարներ)

Այսօր Պէյրութէն Երեւան հասնող ինքնաթիռով լիբանանանահայ Վահէ Հալաճեան 200 քիլոկրամ օժանդակութիւն Հայաստան կը բերէ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ բարերարէն: Հալաճեան իր նախաձեռնութեան մասին խօսելով ըսաւ. «Մեր կատարածը ազգային պարտականութեան գիտակցումով է, որ կ'ընենք: Նպատակ ունինք օգնութիւն հասցընել Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներուն»:  Ան դիտել տուաւ, որ նախաձեռնութիւնը զուտ անհատական է, եւ գործը իրականութիւն դարձած է միայն մէկ շաբթուան ընթացքին: Այս մասին Հալաճեան ըսաւ՚ «Ճիշդը եթէ կ'ուզէք, որոշած էի փոքր օգնութիւն մը կատարել, սակայն երբ բարեկամներս իմացան,   գործը մեծցաւ: 5 օրուան ընթացքին 225 քիլո կշռող օգնութիւն հաւաքուեցաւ»,- ըսաւ Հալաճեան նշելով, որ Լիբանանի MEA օդանաւային ընկերութեան մէջ գործող ծանօթ հայ տիկնոջ մը ազնիւ միջամտութեամբ կարելի եղաւ ուղեբեռը Հայաստան բերել նուազագոյն ծախսով: Հալաճեան նաեւ յայտնեց, որ ուղեբեռի Հայաստան բերելու վերաբերեալ յատուկ նամակ մըն պատրաստած է ու լիայոյս է, որ «Զուարթնոց» օդակայանի պատասխանատուներ եւս կը դիւրացնեն իրենց գործը: