image

ԼՂՀ Կառավարութեան Շտապը Նախնական Զեկուցում Ներկայացուց

ԼՂՀ  Կառավարութեան Շտապը  Նախնական  Զեկուցում Ներկայացուց

Արցախի մէջ թիկունքային եւ ճարտարագիտական աշխատանքները Պաշտպանութեան բանակին հետ համադրելու նպատակով` ԼՂՀ վարչապետի գլխաւորութեամբ ստեղծուած արագ գործող շտաբը, ամփոփելով իր 7-օրեայ աշխատանքը, կը տեղեկացնէ, որ 8 ապրիլի տուեալներով` ելեւմուտքի նախարարութեան դրամատնային հաշիւներուն փոխանցուած է մօտ 1 միլիառ 139 միլիոն դրամ, 1 միլիոն տոլար, 7,700 հազար եւրօ եւ 13 միլիոն ռուբլի: Ինչպէս նախօրօք յայտարարուած է, հաւաքագրուած ֆինանսական միջոցները պիտի ուղղուին պաշտպանութեան բանակի յետագայ սպառազինման, կը տեղեկացնէ ԼՂՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը: Շտաբը կը դասակարգէ եւ կը բաշխէ Արցախ ուղարկուած մեծ քանակութեամբ պարէնային ու իրային ապրանքները նպատակային` անոնք ուղարկելով առաջնագիծ եւ բաժնելով տարահանուած բնակիչներուն միջեւ: Շտաբը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք արագ կերպով արձագանգած են օգնութեան կոչին եւ իրենց ուժերուն ներածին չափ օժանդակութիւն ցուցաբերած են բանակին ու դժուար կացութեան մէջ յայտնուած արցախահայութեան: Արագ գործող շտաբը կը շարունակէ գործել` համագործակցելով պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան հետ: Շտաբին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Արցախով ապրող բոլոր հայրենակիցներուն եւ կը խնդրուի դադրեցնել սննդամթերքի օգնութեան ցուցաբերումը: Ֆինանսական հանգանակութիւնը կը շարունակուի, եւ բոլոր ցանկացողները կրնան փոխանցում կատարել կից տրուած հաշուեհամարներուն: Շտաբի աշխատանքներուն եւ ստացած աջակցութեան մասին տեղեկատուութիւնը պարբերաբար կը տեղադրուի ԼՂՀ կառավարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան կայքէջերուն մէջ: Կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ առաւել մանրամասն հաշուետուութիւն պիտի հրապարակուի յառաջիկային:

 

սպասարկող դրամատուն` «Արցախբանկ» ՓԲԸ

հասցէ` Կիեւեան փողոց 3, Երեւան, Հայաստան

SWIFT` ARTSAM22

 

ստացող` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ելեւմուտքի նախարարութիւն

հաշուի համարը` 22300612211100 (ՀՀ դրամ).

հաշուի համարը` 22300110153200 (ԱՄՆ տոլար).

հաշուի համարը` 22300200153300 (Եւրօ).

հաշուի համարը` 22300400153100 (ՌԴ ռուբլի):