image

ՄԻԵԴ-ի որոշմամբ Ատրպէյճան 6 հայ գերիներու վիճակին մասին փաստաթուղթ ներկայացուց

ՄԻԵԴ-ի որոշմամբ Ատրպէյճան 6 հայ գերիներու վիճակին մասին փաստաթուղթ ներկայացուց

27 Մայիս 2021-ին Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած վեց հայ զինծառայողներու հիմանարար իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին ՀՀ կառավարութեան դիմումին ի պատասխան՝ 8 Յունիս 2021-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը արձանագրած է, որ նշուած զինծառայողներու նկատմամբ ուժի մէջ է 2020 թուականի 3 Նոյեմբերի միջնակեալ միջոց կիրառելու որոշումը, այնպէս ինչպէս միւս գերեվարուած եւ պահուող քաղաքացիական անձանց նկատմամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՄԻԵԴ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութիւնը:

Միաժամանակ Եւրոպական դատարանի որոշման հիման վրայ Ատրպէյճանի կողմէ տրամադրուած են զինծառայողներու առողջական վիճակին վերաբերող փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ վերջիններուս առաջադրուած մեղադրանքները:

Եւրոպական դատարանը նոյն օրը մերժած է նաեւ Ատրպէյճանի դիմումը, որով վերջինս պահանջած էր վերացնել իր կողմէ գերեվարումը չհաստատուած անձանց նկատմամբ կիրառուած միջանկեալ միջոցները: Վերջիններս կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ: