«Արեւելք»ի խմբագրութիւնը, ստանալէ ետք Տիար Վարդան Նազիրեանին կողմէ ստորագրուած կոչ-նամակը, պատշաճ համարեց հրապարկել զայն: «Արեւելք»ի համար աւելի քան որեւէ ժամանակ առաջնահերթութիւն է հայ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ այս պարագային` ՌԱԿ-ի տագնապներուն լուծման համար տարուող որեւէ ճիգի մասին անդրադառնալ այն քաջ հաւատքով, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս ազգային աւանդական կուսակցութիւնները կարեւոր եւ յառաջապահ դեր ունին կատարելիք ի խնդիր մեր ժողովուրդի ամբողջական իտէալներու իրականացման:
Խմբ.
Սիրելի ընկերներ,
Բոլորիդ ծանօթ է տխուր վիճակը, որ կը տիրէ մեր սիրելի կուսակցութեան մէջ։ Չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, աւելի չտխրելու եւ չտխրեցնելու համար։
Պարզապէս կ'ուզեմ տեղեկացնել որ, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ Հայաստանի Պատգամաւորական ժողովին հիւրաբար ներկայ գտնուելէ ետք առիթ ունեցանք, Սփիւռքէն ժամանած շուրջ 25 ընկերներու հետ ինքնաբուխ խորհրդակցական մի քանի հանդիպումներ ունենալ, նաեւ՝ գլուխ գլխի մի քանի տեսակցութիւններ, որոնցմէ բխեցաւ ներկայացուցչական ցուցակ մը, որուն գլխաւորելու պարտականութիւնը տրուեցաւ ինծի։ Ընդունեցի այդ առաջարկը, պայմանաւ որ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ նոյնպէս նման անուններ ու ցուցակ մը տրուէր, որպէսզի միացեալ այդ ad hoc մարմինը փոխզիջողական ձեւով սկսէր գործել եւ նախապատրաստէր այն նպաստաւոր գետինը, որ կարելի պիտի դարձնէր նախապատրաստել յառաջիկայ տարի Երեւանի մէջ գումարուելիք ՌԱԿ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, որուն գլխավոր նպատակը պիտի ըլլար մեր մէկ եւ միացեալ կուսակցութեան վերականգնումը։ Պատրաստուեցաւ համապատասխան նամակ մը, որ ղրկուեցաւ ՌԱԿ Կեդր. վարչութեան ատենապետ ընկեր Մայք Խարապեանին, խնդրելով անկէ, որ մինչեւ Նոյեմբեր 15-ը նշանակէր իր կողմէ յարմար դատուած անձերէ բաղկացած հնգանդամ ցուցակ մը։
Սակայն, ինչպէս կ'ըսեն, Շաբաթը աւելի շուտ եկաւ Ուրբաթէն։ Հազիւ մեր տուները վերադարձած՝ նամակ մը հրապարակ ելաւ, որ վերջնագիրի մը պէս պայման կը դնէր ընկ. Մայք Խարապեանին, մինչեւ 2015, 15 Նոյեմբեր պատասխանել, այլապէս սպառնալով առանձին կեդրոնական վարչութիւն մը ստեղծել։
Միաժամանակ, ուրիշ որոշում մը տարածուեցաւ, այս անգամ ընկեր Մ. Խարապեանի կողմէ, որ հաւանաբար ծանօթ է իր պատժական բովանդակութեամբ այն ընկեր-ընկերուհիներու դէմ, հիւրաբար երեւանեան Պատգամաւորականին եւ անոր հետեւած խորհրդակցական հանդիպումին ներկայ գտնուելու համար, առանց կարեւորութիւն տալու իմ գլխաւորութեամբ կազմուելիք միացեալ ad hoc յանձնախումբի առաջարկին։
Բնականաբար, այդ զոյգ հաղորդագրութիւնները աւելորդ կը դարձնէին իմ յետագայ ջանքերս մեր սիրելի Կուսակցութեան վերականգնումը ապահովելու ուղղութեամբ։
Խոստովանիմ՝ որ յուսահատութեան մատնուեցայ եւ պահ մը որոշեցի ետ՝ իմ անձնական գործերովս միայն զբաղիլ։
Սակայն կուսակցական երդումս, նաեւ հաւատքս ՌԱԿ-ի ապագային նկատմամբ յուշեցին ինծի որ փորձ մը եւս, վերջի'նը, կատարեմ եւ ինծի պէս մտահոգ ընկերներու հետ միասին նորէն ջանք, ժամանակ եւ դրամ ծախսեմ իմ եւ բոլորիս նուիրական առաքելութիւնը յաջողցնելու համար։ Ուստի այս կոչ-նամակով կը դիմեմ բոլորիդ անխտիր, սիրելի ընկերներ, որ նեցուկ դառնաք ինծի, որպէսզի միասնաբար իր բաղձալի արդիւնքին հասցնենք այս սրբազան գործը՝ մեր պանծալի անցեալ ունեցող Կուսակցութեան վերականգնումը։
Արդ կը խնդրեմ ձեզմէ, ձեր բոլորէն, ինքզինք իսկական եւ իրաւ ռամկավար համարող բոլոր կուսակցականներէն, որ մինչեւ 2015թ, 15 դեկտեմբեր իմ էլ-հասցէիս vartan@nazerian.net ղրկեն իրենց զօրակցութեան եւ համամտութեան կարճ պատգամները, որով ինքզինքս լիազօրուած պիտի զգամ դարձեալ, անգամ մը եւս գործի լծուելու, գլուխ հանելու համար այս ճակատագրական առաքելութիւնը՝ որ է՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան փրկութիւնը եւ ներքին հակամարտութիւններու վերացումը։
Ձեր զօրակցութիւնը նոր յոյս եւ հաւատք պիտի ներշնչէ մեզի՝ բոլորիս։
Ձերդ՝
ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆ
Լոս Անճելըս
21 նոյեմբեր 2015թ.