image

Կիւլէնի հետեւորդներ մտադրած էին Էրտողանը սպաննել վիրաբուժութեան ընթացքին

Կիւլէնի հետեւորդներ մտադրած էին Էրտողանը սպաննել  վիրաբուժութեան  ընթացքին

Թուրք   կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հետեւորդներ մտադրած էին Էրտողանը սպաննել վիրաբուժական  գործողութեան մը ընթացքին: Այս մասին  կը գրէ «Միլլիյէթ» թրքատառ  պարբերականը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  այս  մասին տեղեկութիւնները    երկրի   քննչական մարմիններուն   փոխանցած է ՖԷԹՈ շարժումի  նախկին  իմամներէն (կրօնական  գործիչ)  մին:    Իմամը նաեւ ըսած է, որ ՖԷԹՈ շարժումի  բարձրաստիճան գործիչներ մտադրած էին  Էրտողանը  սպաննել   Պոլսոյ մէջ  անցեալ   դեկտեմբերին  (17-25)   վերջինիս  ենթարկուելիք վիրաբուժական  գործողութեան մը ընթացքին:  Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ,  թէ  Թուրքիոյ նախագահը վերջին  պահուն  հրաժարած է  վիրաբուժութիւնէն եւ մեկնած ՝ Միացեալ Նահանգներ: