image

Խոր վիշտով ստացայ պայքարի հին ընկերոջս մահուան գոյժը. Այաթուլլա Խամինիյի

Խոր վիշտով ստացայ պայքարի հին ընկերոջս մահուան գոյժը. Այաթուլլա Խամինիյի

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Հաշէմի Ռաֆսանճանիի մահուան առիթով երկրի հոգեւոր առաջնորդ Այաթուլլա Ալի Խամինէի ցաւակցագիր մը հրապարակած է, ուր Ռաֆսանճանին կոչած է «Պայքարի Ընկեր»՝ հակառակ իրենց միջեւ գոյոթիւն ունեցած «անհամաձայնութիւններուն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս»՝ վկայակոչելով իրանեան լրատուամիջոցները:

Ցաւակցական նամակին մէջ Խամինէի ըսած է. «Խոր վիշտով ստացայ պայքարի հին ընկերոջս մահուան գոյժը: Մեր համագործակցութիւնը 59 տարուան պատմութիւն ունի: Այս կորուստը չափազանց ծանր է»:

Յիշեցնենք, որ Հաշէմի Ռաֆսանճանի 82 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց երէկ, 8 յունուարին՝ սրտի կաթուածի հետեւանքով: