Քիչ առաջ կազմուեցաւ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը։
Ինչպէս աւելի վաղ գրած էինք, նոր կառավարութիւնը կը բաղկանայ 20 անդամներէ եւ պիտի գործէ վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորութեամբ։
Նշենք, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք Պաապտայի նախագահական պալատ գտնուող վարչապետ Հասսան Տիապ կարճ խօսքով մը հանդէս եկաւ, յայտարարելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը պիտի գործէ՝ հաշուի առնելով երկրին մէջ տիրող պայմանները, նշելով նաեւ, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը քաղաքական հաշիւներէ վեր եղող կառավարութիւն է։