image

Կարօ Փայլանի Ելոյթները Յաճախ Մտահոգութիւն Կը Պատճառեն Պոլսահայ Համայնքին. Արա Գոչունեան

Կարօ Փայլանի Ելոյթները Յաճախ  Մտահոգութիւն Կը Պատճառեն Պոլսահայ Համայնքին. Արա Գոչունեան

«Հակառակ անոր, որ  դէպքը մեծ  ցաւ ստեղծեց բայց կրանք  ըսել, որ խուճապի մը պատճառ չդարձաւ»,- «Արեւելք»ին յայտնեց  Պոլսոյ «Ժամանակ»  օրաթերթի խմբագիր   Արա Գոչունեան:  Ան  նաեւ ըսաւ, որ նախագահ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլու  ահաբեկչութիւնէն  անմիջապէս  ետք բազմակողմանի    կապեր հաստատեցին      միջազգային  իրենց գործընկերներուն հետ,  նկատել տալով նաեւ, որ   «Թուրքիա    առաջին  իսկ պահէն  յաջողեցաւ  դէպքին վերաբերեալ   միջազգային հանրութեան  զօրակցութիւնը ապահովել»:   Գոչունեանի  ըսելով    Սուլթան Ահմէտ  հրապարակի մերձակայքը  մէջ գործուած   ահաբեկչութիւնէն ետք     չի սպասուիր, որ  իշխանութիւնները  Թուրքիա ապաստանած   սուրիացի գաղթականներուն     դէմ յատուկ միջոցառումներ որդեգրեն: Ան  նկատել տուաւ, որ   մինչեւ այս պահը  ահաբեկչութիւնը    կատարած  մահապարտին մասին եղած     լրատուութիւնները  տակաւին ամբողջական չեն եւ իշխանութիւնները դէպքին վերաբերեալ  կը շարունակեն իրենց     հետախուզական   աշխատանքները: «Ժամանակ»ի խմբագիրը նկատել  տուաւ, որ  իշխանութիւնները    միշտ     յորդորած են  գաղթականներուն հանդէպ ըլլալ  հանդուրժող ու  հակառակ     յաճախ տեղի ունեցող     դէպքերուն, կարելի է ըսել, որ ընդհանուր իրավիճակը   բնականոն   հունի մը մէջ է:  Պատասխանելով   դէպքին՝  Թուրքիոյ ներքին  խնդիրներուն մէջ  ունենալիք հաւանական ազդեցութեան մասին, Գոչունեան ըսաւ. «Թուրքիա հիմա եզակի   քաղաքական  կացութեան   մը մէջ է եւ  երկրի  արեւելեան շրջաններուն   մէջ ահաբեկչութեան դէմ  լուրջ պայքար  մը շղթայազերծուած է:   Հասարակութիւնը մեծ  զգայնութեամբ  կը հետեւի        գրանցուող  դէպքերուն,   եւ       հիմա ալ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած   պայթումը  կ'աւելնայ այդ դէպքերուն  վրայ եւ հանրային կարծիքն ու        երկրի բոլոր խաւերը միատարր են  ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղութեամբ»:   Գոչունեանի  կարծիքով,  երկրին  մէջ առկայ  լարուածութեան  մեղմացումը      կ'իրականացուի,  միայն եթէ    այդ գործընթացներուն  յարմար նախադրեալներ ըլլան, բայց ներկայ պահու դրութեամբ   այդ մէկը  երեւելի չէ: Ան   այս առումով ըսաւ. «Թուրքիան այսօր երեւելի   պայքար կը մղէ  ահաբեկչութեան դէմ   եւ  ներքին պրկումը  պայմանաւորուած է  ապահովական  ուժերու ունեցած  կորուստներուն  հետ»:   Մեր զրուցակիցը նաեւ ըսաւ, որ  «Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ  խրամատներ փորուած  են ահաբեկիչներու կողմէ»: Ան  խօսելով  առկայ լարուածութեան յաղթահարման  մասին   եւ մէջբերելով Թուրքիոյ   նեքին գործոց նախարար  ԷՖքիան Ալայի  խօսքը, ըստ որուն  մինչ կարգ մը շրջաններու մէջ  իրավիճակը մօտ   է   բնականոնացման  նաեւ յիշեցուց, որ  կարգ մը այլ  շրջաններու  պարագային  բնականոնացման յստակ  ժամկէտներ չկան  եւ  կամ     մշուշտոտ են:  Պատասխանելով մեր հարցումին, որ  կապ  ունէր   Պոլսոյ Պատրիաքական ընդհանուր  փոխանորդ  Տ. Արամ Արք. Սրբազան Աթէշեանին   պատրիարքարանի յարկին տակ  հայ երեսփոխաններուն  զգօն եւ  համայնքին ծառայող կեցուածքներով հանդէս գալու կոչին  Գոչունեան մատնանշեց, որ մինչ      Սէլինա Տողան (CHP) եւ Մարգար Եսայեան (AKP)     իրենց  անդամակցած կուսակցութիւններու  ծրագիրներուն համաձայն կը պաշտպանեն տեսակէտներ եւ  կը ծաւալեն հաւասարակշռուած     գործունէութիւն մը,    անդին    HDP-ի երեսփոխան Կարօ Փայլան   միւսներէն աւելի տարբեր  «բրոֆիլով»  ամբոխավարական   գործիչ  մըն է : «Համայնքին մօտ  անոր ելոյթները  եւ    որդեգրած ոճը յաճախ մտահոգութեան տեղի  կու տայ»,-  ըսաւ Գոչունեան  նաեւ  նկատել  տալով,     երբ համայնքի  ընդհանուր  շահերը  վնասող յայտարարութիւններ  հնչեցին, Պատրիարքարանը     արագօրէն  հակազդեց   եւ  յաջողեցաւ ընդհանուր   գործընթացը կարգի բերել եւ   երկրի լայն հասարակութիւնը համոզել    «Ամէն պարագայի    Կարօ Փայլանի  գործունէութիւնը   հաճելի   չէ  մեր  համայնքի  ընդհանուր շահերուն համար».եզրակացուց «Ժամանակ» օրաթերթի  խմբագիր՝ Արա  Գոչունեան: