image

Կալանքի տակ գտնուող HDP-ի համանախագահը զրկած են պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

Կալանքի տակ գտնուող HDP-ի համանախագահը զրկած են պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան համանախագահներէն Ֆիկէն Եուքսէքտաղ, որ ձերբակալուած է 4 նոյեմբեր 2016-ին եւ մինչ օրս կը գտնուի կալանքի տակ, պաշտօնապէս զրկուած է իր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն, կը յայտնէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:


Նախօրէին կուսակցութեան պատգամաւորները կուսակցութեան համանախագահներ Սալահէլտին Տէմիրթաշի եւ Ֆիկէն Եուքսէքտաղի կալանաւորման առնչութեամբ դիմած են Եւրոպական դատարան: