Յուլիսի 15-ի ցերեկը, 16-ին հանրապետութեան տարածքին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, 17-20-ը հիւսիսային առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին վայրերու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ, կը տեղեկացնէ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը։
Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան` 3-8 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում` 20-25 մ/վ:
Նախարարութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ օդի ջերմաստիճանը 18-19-ն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 3-4 աստիճանով, իսկ յառաջիկայ 5 օրերուն հովիտային եւ նախալեռնային շրջաններուն մէջ կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ։
Երեւանի մէջ 15 յունիսի ցերեկը, 16-20-ը տեղումներ չեն սպասուիր։