Իտալիոյ վարչապետ Մաթիօ Ռենցին խորհրդարանական բարեփոխումներու հարցով հանրաքուէի տապալումէն ետք յայտարարած է հրաժարական տալու մասին: Ինչպէս կը նշէ BBC-ին Ռենցին ըսած է, որ թէեւ ձայներու հաշուարկը տակաւին աւարտած չէ, այնուհանդերձ՝ ակնյայտ է, որ հանրաքուէի մասնակիցներու մեծ մասը դէմ է խորհրդարանական բարեփոխումներու իրականացման:
Վարչապետը ամբողջութեամբ իր վրայ վերցուցած է տապալման մեղքը՝ կոչ ընելով բարեփոխումներու ընդդիմախօսներուն նոր առաջարկներ ձեւակերպել:
«Մենք առաջարկած էինք պարզեցնել համակարգը, երկպալատանոց խորհրդարանը, նուազեցնել քաղաքական կառավարման արժէքն ու ընդլայնել ուղիղ ժողովրդավարութեան ոլորտը: Այս բարեփոխումն էր, որ մենք հանրաքուէի դրած էինք: Սակայն մենք բաւականաչափ համոզիչ չեղանք: Կը ներէք, բայց ես կը հեռանամ առանց ափսոսանքի»,-ըսած է Ռենցին, աւելցնելով, որ երկուշաբթի կէսօրէ ետք, նախարարներու գրասենեակին պիտի յայտնէ իր որոշման մասին, որմէ ետք հրաժարականի դիմում պիտի ներկայացնէ Իտալիոյ նախագահին: