Համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած իտալացի պատգամաւոր Անթոնիօ Ռազզի ինքնիկը (սէլֆի) Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ, Իտալիոյ մէջ հակասական մեկնաբանութիւններու տեղիք տուած էր:
Քննադատական մեկնաբանութիւններու շարքին եղած՝ «Ասատի կողքը կանգնած դուք ձեզ հպա՞րտ կը զգաք» խօսքն, պատգամաւորը պատասխանած է. «Այո՛, ինչու չհպարտանամ»:
Նշենք, որ 69-ամեայ պատգամաւոր Ռազզին այս նկարը առած էր Դամասկոս իր վերջին այցելութեան, ուր Ռուսիոյ եւ եւրոպական երկիրներու պատգամաւորներէ կազմուած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած էր Ասատի հետ: