«Իմ քայլ»ի պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանը, որ մասնակցած է «Пограничная ZONA» նախագիծի առցանց համաժողովին, անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած Արցախեան պատերազմին, շարք մը հակահայ յայտարարութիւններ ըրած է՝ ըսելով, որ պէտք է ապագային նայիլ, այլ ոչ թէ վերադառնել անվերջ քննարկման առ այն, թէ ով առաջինը յարձակեցաւ, ուրուն է այդ տարածքը:
Համաժողովին, որուն մասնակցած են նաեւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներ, Բեղլոյեանը մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք պէտք է առաջ նայինք, չվերադառնանք անվերջանալի քննարկումներուն՝ ով եղած է առաջինը, որուն է պատմական հողը, որովհետեւ, ինչպէս դուք գիտէք, հայերը չափ ոչ ոք կրնայ պատմական սկզբնաղբիւրներուն եւ գրողներուն յղում ընել։ Երկու կողմն ալ զբաղուած է այդ գործով 30 տարի, եւ այն մեզի բերաւ պատերազմի»,-ըսած է ան:
Խօսելով «ռեւանշիստական», Հայաստանի մէջ հնչող ազգայնական յայտարարութիւններու մասին՝ Բեղլոյեանն ըսած է, որ «Հայաստանը դեմոկրատական երկիր է, ուր կան տարբեր քաղաքական խումբեր, այդ շարքին՝ ազգայնական»:
«Բայց ես բոլորին կոչ կ'ընեմ լսելու միայն այն, ինչ կ'ըսէ ՀՀ ԱԳՆ֊ն, ԱԺ֊ն, իշխող կուսակցութիւնը եւ Վարչապետի հիմնարկը, որոնք յստակ ըսած են, որ ռեւանշիզմը կամ ռազմական գործողութիւնը, որ ուղղուած է վրէժխնդրութեան, ընդունելի չեն Հայաստանի համար»,-ըսած է Բեղլոյեանը:
Ռուս խաղաղապահներու մասով Նիկոլ Փաշինեանի խմբակիցն ըսած է. «Կարեւոր է ընդունիլ փաստը, որ անոնք արդէն այստեղ են։ Ինչը որ անոնց բերած է այստեղ՝ մենք չենք կրնար փոխել իրողութիւնը։ Եւ քանի որ անոնք արդէն այստեղ են ու պիտի մնան առաջիկայ 5 տարին, մենք պէտք է օգտագործենք այդ ժամանակը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապահովենք անվտանգ կեանքի պայմաններ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու համար, եթէ վերջիններս ուզեն վերադառնալ։ Կախուած այդ ջանքերէն՝ մենք կամ կը տեսնենք օտարերկրեայ զինուորականներուն մեր մօտ եւս 5 տարի, կամ կ'ունենանք խաղաղութիւն տարածաշրջանին մէջ»: