Ատը Եաման- («Ալ-Քուտս»- Լոնտոն)- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման, կիրակի օր հաստատած է, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումներու էջը վերջնականապէս փակուած է: Քահրաման երկրի հարաւարեւելեան Ատը Եաման նահանգի մէջ հանդիպելով քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ըսած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը «1960–էն ի վեր 17 ռազմական յեղաշրջում տեսած է, որոնցմէ մէկ մասը յայտնի է թրքական փողոցին, իսկ միւս մասը՝ ոչ»: Ան նաեւ աւելցուց, որ երկիրը «15 յուլիսիս յեղաշրջման փորձէն առաջ, նման փորձի ականատես չէր եղած» եւ շեշտած, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման էջը վերջնականապէս փակուած է»: Ըստ Քահրամանի , «Թուրքիան միշտ պէտք ունի ժողովրդավարական հիմքերու եւ ներքին համերաշխութեաննման փորձերու դէմ պայքարելու համար», մեղադրելով արտաքին կողմեր երկրէն ներս ապակայունացման մթնոլորտ ստեղծելու մէջ: Ան միաժամանակ կոչ ըրած է բոլոր քաղաքացիներուն «չներգրաւուիլ այդ դուրսի խաղերուն մէջ»:Ան բարձր գնահատած է թուրք ժողովուրդի յեղաշրջման դէմ դնելը եւ ըսած, որ « ժողովուրդի կամքն ու վճռականութիւնը արգիլեցին յեղաշրջման փորձի յաջողութիւնը» եւ որ «Թուրքիոյ քաղաքացիները ընտրեցին ժողովրդավարութիւնը եւ մերժեցին յեղաշրջումը», նաեւ այդ փորձը կազմակերպողները «զինուորական համազգեստով ահաբեկիչներ» անուանելով:Ըստ Քահրամանի « Առանց պետութեան ժողովուրդ չի կրնար ըլլալ, նոյնպէս ալ՝ առանց բանակի պետութիւն չի կրնար ըլլալ, սակայն բանակը պէտք է պահպանէ իր զօրանոցները, մենք շատ զօրաւոր եւ զսպող բանակ ունինք, եւ 15 յուլիսին կանգնեցանք զինուորական տարազով ահաբեկիչներու վտանգի առաջ, սակայն բարեբախտաբար կրցանք վերացնել այդ վտանգը»: