Իրաք կը շարունակէ պահանջել Թուրքիայէն՝ Պաշիքա շրջանէն հանել իր զորքերը: Թրքական «NTV» լրատուական կայքի համաձայն` Թուրքիոյ մէջ Իրաքի դեսպան Հիշամ Ալի Էքպերը Իպրահիմ էլ Ալեւին Հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող հեռուստաընկերութիւններէն մէկու եթերին, ըսած է. «Թուրքիան պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Պաշիքա շրջանին մէջ թուրք զինուորներու ներկայութիւնը անօրինական է: Եթէ Թուրքիան չքաշուի, մենք այլ դիրքորոշում պիտի որդեգրենք»:
Յիշեցնենք, որ թրքական զօրաջոկատները առանց Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւններու թոյլտուութեան ներխուժած են Իրաքի Քիւրտիստանի Մոսուլ քաղաքէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պաշիքա շրջան: Թրքական կողմի պնդմամբ` իրենց այնտեղ գտնուելու նպատակը Իրաքի Քիւրտիստանի զինուած ուժերու` Փեշմերկայի, զօրաջոկատները մարզելն է: