Արեւմտեան Մուսուլէն հեռացող քաղաքացիներու թիւը վերջին շաբաթներուն հասած է 57 000-ի: Այս մասին կը յայտնէ CNN-ը`վկայակոչելով իրաքեան պաշտօնական աղբիւրը:
Մեծ թիւով իրաքցիներ կը հեռանան իրենց տուներէն անցեալ ամիս քաղաքի արեւմտեան թաղամասերուն մէջ Տահէշի գրոհայիններու դէմ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ետք:
Կառավարութեան տուեալներով` հեռացող քաղաքացիներու թիէը վերջին երկու օրուն աճած է աւելի քան 10 000-ով:
Ըստ միջազգային կազմակերպութեան տուեալներուն, «Տահէշ» յարձակումներու առաջին օրէն մինչեւ երէկ, 5 Մարտ, Մուսուլէն արտագաղթողներուն թիւը 206 հազարն անցած է, մինչդեռ Մինչեւ 26 Փետրուար, այդ թիւը 164 հազար կը կազմէր:
Reuters կը տեղեացնէ, որ իրաքեան կառավարական զօրքերը ԱՄՆ աջակցութեամբ կը շարժին դէպի Մոսուլի կեդրոն՝ ԻՊ-ի դէմ յարձակման նոր գործողութիւն սկսելու նպատակով:
Լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը կը նշէ, որ ժամեր առաջ Իրաքի ուժերը յաջողած են իրենց հսկողութեան տակ առնել արեւմտեան Մուսուլի Ազատութեան կամուրջը
Նշնք, որ Մոսուլի արեւմտեան շրջաններու ազատագրման գործողութիւնները մեկնարկած են 19 փետրուարին: