image

Իրաքեան օդուժին պատկանող F16 տիպի կործանիչներ գրոհած են Մուսուլի մէջ ՏԱՀԷՇ-ի կեդրոններու վրայ

Իրաքեան օդուժին պատկանող F16 տիպի կործանիչներ գրոհած են Մուսուլի մէջ  ՏԱՀԷՇ-ի կեդրոններու վրայ

Երէկ, 4 Դեկտեմբերին, Իրաքեան օդուժին պատկանող F16 տիպի կործանիչները առաջին անգամ ըլլալով կիրառուած եւ գիշերային գրոհ իրագործած են Մուսուլի մէջ կեդրոնացած «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կայանատեղիներու վրայ: Այս մասին յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ իրաքեան օդուժը ամերիկեան F16 տիպի 14 կործանիչ ունի:

Յիշեցնենք, որ իրաքեան պետական բանակի կողմէ Մուսուլի ազատագրման ծրագիրը մեկնարկած էր նախորդ տարուան 17 Հոկտեմբերէն՝ օժանդակութիւն ստանալով Միջազգային Դաշնութեան ուժերէն: