image

Իրաքեան դրօշը կը ծածանի «Ալ րըթպա» աւանին մէջ

Իրաքեան դրօշը կը ծածանի «Ալ րըթպա» աւանին մէջ

Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ եղող «Ալ րըթպա» աւանը այսօր ազատագրւեցաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց «Ալ Մայատին» կայանը յղում կատարելով «Ալ Անպար»ի նահանագապետին: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցեց, որ անցնող օրերուն ծանր մարտեր մղելէ ետք իրաքեան ուժեր, որոնց մէջ նաեւ շիիթ «Տիֆահ շահպի» խմբաւորման ջոկատներ յաջողած են ծանր հարուած տալ Տահէշին եւ գրաւել «Ալ րըթպա» աւանը: Կը փոխանցուի նաեւ, որ իրաքեան ուժեր «մաքրագործաման» աշխատանքներ կը տանին աւանի հիմնական երեք թաղամասերուն մէջ: Բանակը նոյնպէս յաջողած է, Իրաքի դրօշը բարձրացնել աւանի կառավարական շէնքին գագաթին:

Իր կարգին իրաքեան խորհրդարանի նախագահ Սէլիմ Ալ Ժապուրի այսօր այցելութիւն տուած է անցնող օրերուն Տահէշի լուծէն ազատգրուած «Ալ քայյարա» շրջան, ուր ան հանդիպում ունեցած է զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Ժապուրի յայտարարած է, թէ Մուսուլի պատերազմը պատմական պատերազմ մըն է: