image

Իրաքահայերու թեման այսօր հրատապ չէ. Արա Սարգիս Աշճեան

Իրաքահայերու թեման այսօր հրատապ չէ. Արա Սարգիս Աշճեան

Առաւել փոքր հայկական գաղութներով կը հետաքրքրուին միայն այն ժամանակ, երբ ինչ-որ բան կը կատարուի՝ եկեղեցի կը փլուզուի կամ կ'աւերուի, պաշտօնական հանդիպումներ կ'ըլլան: Այս ամէնէն  բացի՝ ոչինչ կայ, ոչ մէկ հետաքրքրութիւն:

Վերջերս Մուսուլի մէջ գտնուող հայ ուղղափառ եկեղեցւոյ վիճակի մասին պլոկիս մէջ տեղադրած տեսանիւթը, ի զարմանս ինձ, մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց որոշ լրատուամիջոցներու համար:

Հրապարակումէն 13 վայրկեան անց Aztag Arabic-ը հրապարակեց այն, իսկ յետոյ Արեւելք լրատուականը: Եւ զարմանալին այն էր, որ ինծմէ թոյլտուութիւն կը հարցնէին տեսանիւթի հրապարակման համար, այնինչ ես չէի հեղինակը, այլ արաբերէն լեզուով կաթողիկէ ռատիոկայաններէն մէկը:

Երբ դեռ Իրաքի մէջ կ'ապրէի եւ կ'աշխատէի, կրկին կը տեսնէի, որ լրատուամիջոցները յատկապէս փոքր գաղութներով քիչ կը հետաքրքրուին, չեմ լսած, որ ինչ-որ մէկը գայ ու գրէ, թե օրինակ իրաքահայերը ինչպէս կ'ապրին, ինչ խնդիրներ ունին: Մամուլի մէջ միայն պաշտօնական հանդիպումներ են, երբեմն ալ՝ եկեղեցական կեանք:

Իսկ երբ 2007-ին Հայաստան տեղափոխուեցայ, այդ մէկը աւելի ընդգծուեցաւ. իրաքահայութեան թեման հրատապ էր, երբ իրաքահայերու մէկ մասը տեղափոխուեցաւ Հայաստան, ուր ծագեցան կեցութեան, կրթութեան եւ այլ հարցեր: Այս հարցերը դարձան լրատուամիջոցներու ամենօրեայ թեման, իսկ երբ սկսաւ սուրիական պատերազմը՝ իրաքահայերն իրենց տեղը զիջեցան սուրիահայերուն: Այսօր այդ թեման  նուազ հրատապ է:

Իրաքահայերու թեման իմ պլոկի մէջ կը փորձեմ աշխոյժ պահել, մինչ օրս կապեր ունիմ առաջնորդարանի հետ: Այնտեղէն լուրեր կը ստանամ, կը տեղադրեմ պլոկիս մէջ, որ կապուած է նաեւ ֆէյսպուքեան ու թուիթերի էջերուս հետ:

Այդ նիւթերը լրատուամիջոցներն ալ կ'օգտագործեն, երբեմն յղումով, երբեմն ալ՝ առանց: Երբ յղում չեն տար, վատ չեմ զգար, պարզապէս գողութիւն ընելը եւ ուրիշի գրածը քեզ վերագրելն այնքան ալ լաւ չէ:

Այժմ թեխնոլոկիաներն այնքան զարգացած են, որ տեղեկութեան ստուգումը վայրկեաններու գործ է:

Նախապէս դիւրին գործ չէր այդ մէկը: Իմ Իրաքի մէջ աշխատած տարիներուն հնարաւորութիւնները քիչ էին, յատկապէս, երբ երկրի մէջ համացանցը խիստ սահմանափակ էր:

Տեղական լուրերը կը ստուգէի զանգերու կամ այցելութիւններու միջոցաւ, իսկ երբ արդէն կը գրէի Հայոց ցեղասպանութեան, Սփիւռքի այլ գաղութներու, Արցախի մասին՝ այդ սուղ պայմաններուն մէջ գործս կը բարդանար:

Ամէն պարագայի կը փորձէի չճշդուած տեղեկատուութիւն չգրել այն թերթերուն մէջ, ուր կ'աշխատէի: Կը ձգտէի նաեւ հնարաւորինս շատ գրել հայկական թեմաներով՝ այն ալ արաբերէն կամ արաբալեզու լրատուամիջոցներու համար, քանի որ հայերու թեման արաբական մետիային մէջ շատ քիչ է, մէկ մասն ալ աղաւաղուած՝ թրքական ազդեցութեան տակ:

Ցաւօք, իրենց երկրի շահերէն կը բխի այդ թեման թէժ պահելը: Ըսենք, եթէ խնդիր ունենան Թուրքիոյ հետ, իսկոյն մետիայի մէջ ի յայտ կու գան Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով յօդուածներ:

Ես ալ այդ պահերը բաց չէի թողեր. 1991-էն սկսած հայերու, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ղարաբաղեան շարժման մասին իրաքեան քանի մը թերթերու մէջ, այդ շարքին՝ պետական, նիւթեր կը գրէի:

Ի հարկէ անվտանգութեան խնդիրներ կային, կողքէս միշտ կ'ըսէին, որ զգոյշ ըլլամ, բայց անհրաժեշտութիւնն այնքան մեծ էր, որ վարանելու տեղ չունէի:

 

Կը յիշեմ 1992-ին, երբ Ղարաբաղի մասին յօդուածս տպագրուեցաւ պետական թերթի մէջ, քարտէզը ձեռքով գծած էի, քանի որ այսօրուան  հնարաւորութիւնները չկային: Նաեւ չէի ուզեր ԼՂԻՄ տարածքով քարտէզը տեղադրէինք, այլ պատմական Արցախի:

Այդ ժամանակ կը դասախօսէի Պաղտատի համալսարանին մէջ, միաժամանակ կը թղթակցէի  «Սաութ Ալ-Թալապա, «Ալ-Մուսթաքպալ» եւ «Ալ-Տիուան» շաբաթաթերթերուն:

Այդ եւ միւս յօդուածները մեծ արձագանգ կը գտնէին, քանի որ արաբերէնով քիչ էին Ղարաբաղի, Հայաստանի, նոյնիսկ իրաքահայերու կեանքի մասին պատմող նիւթերը: 2003-էն ետք համացանցի սահմանափակումներու վերացումը նոյնպէս վիճակը չփոխեց. մինչեւ հիմա քիչ են հայկական թեմայով արաբերէն յօդուածները:

 Իմ կարծիքով հ միայն  հայերէնով գրել հայկական հարցի մասին իմաստ չունի: Անգլերէնով շատ կայ, արաբերէնով՝ քիչ:

2006 թուականին պլոկս բացի ու մինչեւ հիմա կը գրեմ հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն: Գրածներս կը տարածեմ նաեւ թուիթերով եւ Ֆէյսպուքով, այդ շարքին իրաքահայերու իմ ստեղծած ամենաշատ մասնակիցներով երկու խումբերուն մէջ: Կը տեսնեմ, որ այդ նիւթերը շատ կը կարդան, ինչը կը նշանակէ, որ անոր կարիքը կայ:

 Ինծի համար   միշտ հարց կ'առաջանայ՝ ինչ գրել, որ հետաքրքրական ըլլայ:

Հայաստանի մէջ հիմա այնքան շատ են լրատուամիջոցները, այնքան շատ են լուսաբանուող թեմաները, որ ինծի կը մնայ միայն գրել արաբերէն վերլուծական յօդուածներ ցեղասպանութեան, ղարաբաղեան խնդրի ու իրաքահայերու մասին: Իրաքի մէջ հիմա 6-7 հազար հայ կայ:

Իրաքահայերու կեանքն իմ թեման է, մինչեւ հիմա առաջնորդարանի հետ կապերուս շնորհիւ կը կարողանամ գրել ու տարածել:

 

 

 

 

 

Արա Աշճեան
Ճարտարագէտ, ազատ լրագրող

Նիւթը  «Մէտիա.ամ» կայքէն