Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն 4 մարտանաւեր Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ արագ միջամտութիւն կատարելով փակած են ամերիկեան «Եու.Էս.Էս.Նից» մարտանաւին ճամբան: Այս մասին CNN-ին յայտնած է ամերիկեան ծովուժէն պաշտօնատար մը:
Պաշտօնատարը նաեւ յայտնած է, որ իրանեան նաւերը անտեսելով 1972-ի ընդհանուր համաձայնագիրին մէջ նշուած նաւարկման օրէնքները՝ 300 մեթր մօտեցած են «Նից»ին: Ամերիկեան խորտընկեցը ստիպուած եղած է իր նաւարկումի ուղին փոխել` իրանեան նաւերէն հեռանալու համար: